2015-12-15 12:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Եկեղեցւոյ ճշմարիտ հարստութիւնը աղքատներն են` ոչ թէ դրամը''


(Ռատիօ Վատիկան) Եկեղեցին՝  Տիրոջ մէջ թող ըլլայ աղքատ, համեստ եւ վստահ։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, երեքշաբթի, 15 դեկտեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը, ընդգծելով թէ աղքատութիւնը Երանելիութիւններուն շարքին առաջինն է եւ թէ Եկեղեցւոյ ճշմարիտ հարստութիւնը՝ աղքատներն են եւ ոչ թէ դրամն ու աշխարհիկ իշխանութիւնը ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ներշնչուելով Սուրբ Գրային ընթերցումէն, զգուշացուց աշխարհի փորձութիւններէն, որոնք այսօր եւս կարող են խաթարել եկեղեցւոյ վկայութիւնը,  եւ  ընդգծեց թէ Տիրոջ խօսքին չի հնազանդելու պարագային , Աստուծոյ ժողովուրդը կը դառնայ հակառակորդ ու աւելի պիղծ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա հարց տալով  թէ ինչպէ՞ս  եկեղեցին կարող է հաւատարիմ մնալ Տիրոջ,  յայտնեց, թէ Եկեղեցին պէտք է ունենայ երեք յատկանիշներ.  համեստութիւն, աղքատութիւն եւ վստահութիւն՝ Տիրոջ մէջ։

Համեստ ըլլալ կը նշանակէ գիտակցիլ, թէ  մեղաւոր ենք եւ ասիկա Եկեղեցւոյ համեստութեան առաջին քայլն է   հաստատեց Սրբազան Հայրը, ապա ակնարկելով աղքատութեան մասին յարեց թէ աղքատ ըլլալ կը նշանակէ ՝ կապուիլ լոկ Աստուծոյ հարստութեան  եւ  Եկեղեցւոյ հարստութիւնը արդարեւ աղքատներն են։

Եկեղեցւոյ՝ երրորդ յատկանիշի մասի խօսելով, Ֆրանչիսկոս Պապ  յարեց թէ Եկեղեցին պէտք է վստահի Տիրոջ եւ ոչ թէ բարեկամներու կամ ալ հարստութեան վրայ, որովհետեւ Տէրը միայն Ինքն է որ կ՝ապահովէ եւ կ՝ուզէ մեր բարիքը։

Քարոզի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց որ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնի առ ի պատրաստութիւն, հայցենք  Տիրոջմէ որ պարգեւէ մեզի՝ հեզ, աղքատ եւ յատկապէս Տիրոջ հանդէպ վստահութեամբ լի սիրտ մը որովհետեւ՝ Ան  երբեք յուսախաբ չի լքեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.